2016-09-29 15:38:00

Վրաստան-Ատրպէյճան ճամբորդութիւնը` խաղաղութեան ու միութեան առաքելութիւն է'' Կարդինալ Փարոլին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Վրաստան Ատրպէյճան (30 սեպտեմբեր - 2 հոկտեմբեր) 16-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Վատիկանի ''CTV'' հեռուստակայանի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է թէ սոյն ճամբորդութեան առաքելութիւնն է խաղաղութիւնն ու միութիւնը։

''Ատրպէյճան եւ Վրաստան ճամբորդութիւնը կ՛ամբողջացնէ կովկասեան շրջան Քահանայապետին ճամբորդութիւնը որ սկիզբ առաւ անցեալ Յունիսին Հայաստանի այցելութեամբ'', ըսած է Կարդինալ Փարոլին մատնանշելով թէ Սրբազան Քահանայապետը այդ երիները կ՛այցելէ որպէս բարեկամ­, յատակէս հանդիպելու համար մարդոց ու ժողովուրդներուն հետ ու յառաջացնելու հանդիպումի մշակոյթը­, որուն զօդուած է խաղաղութեան նիւթը։

Վատիկանի Պետքարտուղարը անդրադարձած է ապա երկու երկիներու իրավիճակի մասին ու մատնանշելով Վրաստանին հաստատած է թէ այդ երկիրը քրիստոնէութիւնը ընդունած է որպէս կրօն` Դ դարուն ''Սրբուհի Նունէի'' քարոզութեան շնորհիւ։

Քահանայապետը Վրաստանը կ՛այցելէ զարգացնելու համար Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ հետ բարեկամական փոխադարձ կապերը ու միեւնոյն ատեն ամրապնդելու այնտեղ ապրող փոքրաթիւ կաթողիկէ համայնքը որ կազմուած է Լատին, Հայ ու Ասորի ծէսերէ։

Խօսելով հուսկ Ատրպէյճանի մասին Ծիրանաւորը նշած է թէ ''Ատրպէյճանը ջանք կը դափէ զանազան կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ ստեղծելու հանդուրժողականութիւն ու հանդիպում'' եւ թէ ''այս մէկը կարեւոր ձեռնարկ մըն է մեր աշխարհին համար''։Կարդինալ Փարոլին ապա նշած է թէ Ատրպէյճանի կաթողիկէ համայնքը շատ փոքր է ու թէ կը սատարէ երկրի բարիքին:  

Հարցազրոյցի աւարտին Կարդինալ Փարոլին յայտնած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամն է ''բազմազանութիւնը չի գործածել հակամարտութեան համար այլ փոխադարձ հարստութեան համար'' եւ թէ այս մէկը մարտահրաւէրն է  զոր Նորին Սրբութիւնը պիտի դիմագրաւէ այդ հողերուն վրայ ու թէ Ան  կ՛աջակցի  բոլոր այն ջանքերուն որոնք կ՛ուզեն յաղթահարել լարուածութիւնները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.